2015-08-02 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը` "Յիսուս Կեանքի հաց":


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի` 2 օգոստոս 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որուն ընթացքին կատարած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն վրայ  որոնք` քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն կը պատմեն այն դէպքը որ պատահեցաւ Հացերու եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքէն ետք, երբ ամբոխը կը փնտռէր Յիսուսը ու զայն գտաւ Կափառնաումի մէջ։

Զանոնք  տեսնելով Յիսուս անոնց կ՛ըսէ. ՙԴուք զիս կը փնտռէք ոչ որովհետեւ նշանները տեսաք, այլ որովհետեւ կերաք այդ հացէն ու կշտացաք՚։  ՙԱնոնք չէին հասկցած թէ Յիսուսի բեկանած հացը Յիսուսի սիրոյ  արտայայտութիւնն էր՚ ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով թէ անոնք աւելի արժէք  տուին հացին քան զայն նուիրողին։  Ու այս հոգեւոր կուրութեան դիմաց Յիսուս կը հրաւիրէ  բացուելու հեռանկարի մը որ առօրեայ ի  մտահոգութիւններէն  անդին երթայ. Ան կը խօսի կերակուրի մը մասին որ անցողական չէ այլ մնայուն ու յաւիտենական է, որ Մարդու Որդին պիտի ընծայէ։

Այս բարերով Յիսուս մեզի կ՛ուզէ հասկցնել թէ մարդը բնական անօթութենէն աւելի ունի այլ անօթութիւն մը եւ աւելի կարեւոր` կեանքի ու յաւիտենականութեան անօթութիւնը, որ միայն Ինք կարող է յագեցնել ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ,  որովհետեւ Ինք Կեանքի հաց է։ Ան մեզի կը ներկայանայ   որպէս միակ եւ իսկական իմաստը մարդու գոյութեան ըսելով` ՙես եմ կեանքի հացը ով որ ինծի կու գայ այլեւս պիտի չ՜անօթենայ եւ այն որ ինծի հաւատայ  այլեւս երբեք պիտի չի ծարաւնայ։

Յիսուսի հանդիպիլն ու զայն ընկալելը մեր կեանքի դժուար ու խոչընդոտ ուղեւորութեան իմաստ կը պարգեւէ։ Մեզի պարգեւուած այս կեանքի հացը  կը յագեցնէ նիւթական ու հոգեկան անօթութիւնը`  Աւետարանը քարոզելով ամենուրէք,  նոյնիսկ գոյութենական արուարձաններուն մէջ, մեր մերձաւորին հանդէպ մեր վարմունքի  վկայութեամբ,  որուն միջոցաւ Քրիստոս ու Անոր սէրը ներկայ կը դարձնենք մարդոց միջեւ։

''Թող Սուրբ Կոյսը մեզի թիկունք կանգնի իր Զաւկին Յիսուսի փնտռտուքի մէջ որ է յաւիտենական Կենաց Հաց'' ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը ու ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը, իր սովորութեան համաձայն ներկաներէն խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 








All the contents on this site are copyrighted ©.